Անի Զեյթունցյան
«Ռադիոլուր»
Միայն 1956-ին Ամերիկա գաղթելէ ետք տեսանք այդ ամէնը , նոյնիսկ տարեդարձ չունէինք : Նուէրներ ստանալը ան կը նկատէ վայրենիութիւն քիչ մը կատակելով: Ամերիկայի շուկան կը կառավարէ քու կեանքդ սակայն մայրս կը սիրէր ընտանիքներ հաւաքելը տօնական օրերուն, Զաւէնի մայրը այնէթպցի ըլլալուն վարպետ էր քիւֆթէներու պատրաստման մէջ նաև սուպէօրէքին չի մոռմար:
Զաւէն հինգ տարի է արդէն տեղափոխուած է Հայաստան ու կ’ապրի առանձին: Ան գոհ է քանի որ հայրենիքի մէջ է: Անկախութիւնը հայ մեծցած հայերուն ողնաշարը շտկեց սկսան իրական Հայաստանի մասին մտածել, կ’ըսէ ան:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրէին մարդիկ սովորութիւն դարձուցած են տօնական ծառով տունը զարդարել, որով ալ կ’ազդարարուի տօներուն սկիզբը: Հայերը եղեւնին կը զարդարեն, թէ ինչպէս կը տօնէին արևմտահայերը, որոնք գաղթականութենէ հաստատուեցան օտար հողերու վրայ:
Հալէպ գաղթական եկած հայերու առաջին սերունդի ներկայացուցիչն է ՝ Արմենուհի Զէյթունցեանը: Արմենուհին ծնած էր մարաշցի ծնողներէ Հալէպի վարագաներուն մէջ : Անոնք Կաղանդը չէին գիտեր մինչև Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հիմնուած դպրոցի ուսուցչուհին օր մը յայտնեց Կաղանդի մասին: Արմենուհին տուն հասնելուն պէս հօրմէն ծառ կ’ուզէ մայրը կը տրտնջայ սակայն հայրը չէր գիտեր մերժել աղջկան :
Կաղանդի սեղանին պայման էր քիւնաֆան , այն անուշեղէնը որ կը պատրաստուէր յատուկ թել-թել խմորով մէջը ընկոյզ և տարջին այդ սովորութիւնը պահպանուած է մինչ օրս:
«Աղքատութիւն էր բայց այն ատեն աւելի ուրախ էինք, այսօր շռայլութիւն է», կ’ըսէ Արմենուհին:
«Երազս էր հայրենիքի հողին վրայ հանգչիլ, օտար հողի վրայ ծնանք օտար հողի վրայ ապրեցանք». կ’ըսէ ան:
Իսկ Զաւէնը կը յիշէ եկեղեցի երթալը քանի որ Ծնունդը աւելի կարևոր էր քան Նոր Տարին:Անոր մանկութեան յիշողութեան մէջ պահուած է Պաղեստինը, Պէյրութը , Քէսապը և Ամերիկան :
«Ո՛չ տօնածառ, Ո՛չ Կաղանդ պապա կար»:
Միայն 1956-ին Ամերիկա գաղթելէ ետք տեսանք այդ ամէնը , նոյնիսկ տարեդարձ չունէինք : Նուէրներ ստանալը ան կը նկատէ վայրենիութիւն քիչ մը կատակելով:Ամերիկայի շուկան կը կառավարէ քու կեանքդ սակայն մայրս կը սիրէր ընտանիքներ հաւաքելը տօնական օրերուն, Զաւէնի մայրը այնէթպցի ըլլալուն վարպետ էր քիւֆթէներու պատրաստման մէջ նաև սուպէօրէքին չի մոռմար:
Զաւէն հինգ տարի է արդէն տեղափոխուած է Հայաստան ու կ’ապրի առանձին:Ան գոհ է քանի որ հայրենիքի մէջ է:
«Անկախութիւնը հայ մեծցած հայերուն ողնաշարը շտկեց սկսան իրական Հայաստանի մասին մտածել» , կ’ըսէ ան: