Այսօրուան լուրերուն մէջ կը լսէք.
-Կանայք արհետագիտութեան ոլորտին մէջ. Հայաստան աշխարհի առաջատարն է:
-Թուրքիա կրկին խլեց հայկական «Սանասարեան Տան» շէնքը :
-Հռոմի Պապը պիտի դատապարտէ Պաքուի և Սումգայիթի ցեղասպանութիւնը:
Փետրվարի 7-ը համացանցի մէջ հայատառ գրելու օրն է, մեսրոպատառ հայերէնի պաշտպանութեան կոչ է 2012 թ.-էն սկսեալ: Տարիներու ընթացքին նախաձեռնութեան միացած են բազմաթիւ անհատներ, կազմակերպութիւններ, քաղաքական ու հասարական գործիչներ: Յաղթահարած են թեքնիկական ու ծրագրային խոչընդոտները՝ համացանցին միացող բոլոր տեսակի գործիքներու վրայ արդէն կարելի է գրել մեսրոպատառ հայերէնով:
Համացանցի մէջ հայատառ գրելու հասարակական նախաձեռնութեան հեղինակները անգամ մը ևս կոչ կ’ընեն թէ՛ պետական, թէ՛ մասնաւոր կազմակերպութիւններու, անհատներու հայերէն գրել բացառապէս մեսրոպատառ յատկապէս որ դպրոցականներու գերիշխող մասը ոչ մեսրոպատառ հայերէն կը գործածէ և մտահոգուած ըլլալով այսպիսի փաստերու առկայութեան, կը յայտնեն նաև մեսրոպատառ հայերէնի պաշտպանութեանն ուղղուած ցանկացած տեսակի օրէնսդրական նախաձեռնութեան քննարկման մասնակցելու պատրաստակամութեան մասին: